
LOS ANGELES

New Hope Singers
Ով Տէր Յիսուս
Խօսք. Վեր. Յակոբ Ճամպազեան
Երժշ. Վեր. Յակոբ Ճամպազեան
Գործ. Ալբերտ Բուլբուլյան
Ով Տէր Յիսուս, ես քեզ տեսայ
Գողգոթայի խաչին վրայ
Ինծի համար կը տանջուիս
Փրկելու մեղքէ խեղճ հոգիս:
Կրկ.
Այդ ինչ~ սէր էր, որ քեզ դրդեց
Աշխարհ իջնել քեզ թելադրեց
Սկիզբը լաւ չհասկացայ
Մինչեւ ելայ լեռն Գողգոթայ:
Հզօր փրկիչ, սէրդ անհուն
Յայտնեցիր դուն խաչին վրայ
Իմ շղթաներս փշրեցիր դուն
Ազատութիւն տուիր ահա:
Պաղ Հոգւոյս Երբ Դպաւ Յիսուս
Խօսք. Վեր. Յակոբ Ճամպազեան
Երժշ. Վեր. Յակոբ Ճամպազեան
Գործ. Ալբերտ Բուլբուլյան
Պաղ հոգւոյս երբ դպաւ Յիսուս
Թրթռաց մեղեդի մը անոյշ,
Մեղեդի մը ողորմութեան
Աստուածային վեհ գթութեան:
Հիմա շրթներս կ՝երգեն երգը ազատութեան,
Փրկեալներու յաղթական երգը ցնծութեան:
Հաշուեցի՞ր Գինն Ահեղ
Խօսք. A. J. Hodge
Երժշ. A. J. Hodge
Գործ. Վահան Օհանյան
Երբ մերժես շարունակ Տէրոջ հրաւէրն անուշ,
Կուգայ կէտ մը ուր ձայնն Սուրբ Հոգւոյն,
Քեզ չըլլար լսելի, ամբոխին մէջ մոլի,
Հաշուի առի՞ր, հաշուի առի՞ր զայս դուն:
Կրկ.
Հաշուեցի՞ր գինն ահեղ քու հոգւոյդ կորստեան
Հոգ չէ թէ շահիս աշխարհ համայն,
Ճիշտ հիմա թերեւս դուն հասած ես այն կէտին
Կ'ուզե՞ս հաշուել, կ'ուզե՞ս հաշուել մեծ գինն:
Փոխարէն հանդերձեալ առաւօտեան պայծառ,
Կարելի է ընտրել քեզ փայլուն
Հաճոյքներն մեղքի սին, որ մէկեն կ'անհետին,
Հաշուի առի՞ր, հաշուի առի՞ր զայս դուն:
Քանի որ դուռն Անոր ողորմութեան է բաց,
Ու անհուն սէրն ալ չէ ըսպառած,
Բժշկուիլ չէ՞ս ուզեր, փսփսալով «Առ զիս, Տէր
Հաշուի առի, հաշուի առի մեծ գինն»:
Սպասելով Սպասեցի
Խօսք. Վեր. Յակոբ Ճամպազեան
Երժշ. Վեր. Յակոբ Ճամպազեան
Գործ. Ալբերտ Բուլբուլյան
Սպասելով, Սպասեցի Տիրոջ եւ ինծի ծռեցաւ,լսեց աղաղակս:
Եւ զիս կորստեան փոսէն, եւ զիս կորստեան փոսէն,
Տղմալից կաւէն հանեց, հանեց, հանեց:
Կրկ.
Ու բերանս դրաւ նոր երգ մը, ու բերանս դրաւ նոր երգ մը:
Ու բերանս դրաւ նոր երգ մը, երգ փառաբանութեան:
Աղօթելով սպասեցի Տիրոջ:
Եւ ինձ պատասխանեց, աղօթքս Ան լսեց:
Եւ զիս դժողքի կրակէն, եւ զիս դժողքի կրակէն,
Տղմալից կաւէն փրկեց, փրկեց, փրկեց:
Պայքարինք Եղբայրներ
Խօսք. Վեր. Յակոբ Ճամպազեան
Երժշ. Վեր. Յակոբ Ճամպազեան
Գործ. Վահան Օհանյան
Պայքարինք եղբայրներ Յիսոսով,
Չարին բոլոր ուժերուն դէմ քաջաբար,
Յարձակինք հաւատքով ամէն օր,
Սատանին ամրոցներուն դէմ անհամար:
Վեր բռնենք ջահը աւետարանին,
Վառ պահենք կանթեղը լուսաւորիչին:
Կրկ.
Օ՛ն յառաջ եղբայրներ, օն յառաջ եւ քոյրեր:
Վեր բռնենք ջահը աւետարանին,
Վառ պահենք կանթեղը լուսաւորիչին:
Փորձութիւններ շատ են ամենուրէք,
Չյանձնուինք խոստումներուն աշխարհի,
Սուրբ Հոգին չի լքեր մեզ երբեք,
Այդպէս կը հաստատէ խօսքը Աւետարանին:
Արշաւենք յառաջ, օն զինուորներ քաջ,
Հաւատքով ամուր, բաշխենք բարի լուրն:
Վարուէ Ինձ Հետ Տէր Ուզածիդ Պէս
Խօսք. Adelaide A. Pollard
Երժշ. George C. Stebbins
Գործ. Վահան Օհանյան
Վարուէ ինձ հետ, Տէր, ուզածիդ պէս,
Դու ես բրուտը, մինչ կաւ եմ ես:
Կամքիդ համաձայն ինծի ձեւ տուր,
Մինչ կ'ըսպասեմ Քեզ արդ անձնատուր:
Վարուէ ինձ հետ, Տէր, ուզածիդ պէս,
Քննէ աչքերովդ ամէնատես:
Ըրէ զիս ձիւնէն ճերմակ այսօր,
Մինչ կենամ առջիդ հեզ, գլխիկոր:
Վարուէ ինձ հետ, Տէր, ուզածիդ պէս,
Յոգնած, վիրաւոր, կը դիմեմ Քեզ:
Ամէն զօրութիւն Քեզ է տրուած,
Դպչէ, բուժէ զիս, Փրկիչ Աստուած:
Վարուէ ինձ հետ, Տէր, ուզածիդ պէս,
Կ'ուզեմ որ միայն Դուն վրաս իշխես:
Լեցուր հոգիովդ մինչեւ ամէնն,
Քեզ միայն ու միշտ մէջս տեսնեն:
Թէեւ Հաւատքով Եւ Յոյսով
Խօսք. Վեր. Յակոբ Ճամպազեան
Երժշ. Վեր. Յակոբ Ճամպազեան
Գործ. Ալբերտ Բուլբուլյան
Թէեւ հաւատքով յոյսով, Սուրբ հոգեկան տեսիլքով
Կը վկայեմ քաջարի, թէ անձս հետդ կապրի:
Հոգ չէ թէ վիշտեր ու ցաւ, մարմինիս տան վատ համբաւ
Գիտես Տէր որ աւելի, սիրտս քեզի կ՛նդլայնի:
Կրկ.
Որքան ամպեր ու խաւար ծածկեն արեւն իմ պայծառ
Ինչ փոյթ երբ ալ աւելի, ներսս լոյսդ կը փայլի:
Թէեւ միտքըս ծանրանայ, մարմինս տկարանայ
Յիսուսս ալ ավելի, կեանքս քեզմով կերկարի
Յաճախ գոռան ծով ու հով, խայթելով խռովելով
Յիսուսս ալ ավելի, հոգիս քեզմով խաղաղի։
Թէեւ կուգան չար լուրեր,մթագնել իմ վառ յոյսեր
Յիսուս յոյսս լի առ լի, ամէն օր քեզ կը նայի
Մահուան ձորէն ալ իջնեմ, քեզ միշտ իմ քովս կը տեսնեմ
Գործերուս ես լծակից, ամէն բանի գործակից:
Աստուծոյ Ճամբան
Խօսք. Lida Shivers Leech
Երժշ. Lida Shivers Leech
Գործ. Ալբերտ Բուլբուլյան
Տէր Աստուծոյ ճամբան ամենէն լաւն է:
Թէեւ չեմ գիտեր, Ան ինչու՞ ցաւ ղրկէ:
Անդադար կ'աշխատի զտել իմ ոսկիս,
Կը վստահիմ ուստի Երկնաւոր Փրկչիս:
Կրկ.
Տէր Աստուծոյ ճամբան, լաւ ու միշտ շիտակ է
Պիտ' վստահիմ լման, զի Նա լաւ գիտէ:
Տէր Աստուծոյ ճամբան թող ըլլայ իմինն
Ո՞վ գիտէ Անոր նման պէտքերն իմ կեանքին:
Հանգչիմ վրան Իր կուրծքին, ապահով վտանգէ,
Միշտ փարիմ թանկագին Փրկչիս, որ գիտէ:
Բարձրաձայն Երգենք
Խօսք. Վեր. Յակոբ Ճամպազեան
Երժշ. Վեր. Յակոբ Ճամպազեան
Գործ. Վահան Օհանյան
Եղբայրներ, ցնծացէք մեր կեանքն է անմար,
Դուք քոյրեր երգեցէք Փրկչին սէրն անճառ:
Երբեմն օտար էինք, այժմ բարեկամ,
Մենք հիմա շատ մօտ ենք Քրիստոսի արեամբ:
Կրկ.
Բարձրաձայն երգենք Տէրը մեզ փրկեց,
Բարձրաձայն երգենք Տէրը ազատեց:
Գրեց մեր անունը կեանքի գրքին մէջ,
Գրեց մեր անունը կեանքի գրքին մէջ:
Հաւատքով, սիրով արդ ապրում ենք, շնչում,
Սուրբ Հոգու զօրութեամբ փայլում ենք,պաշտում:
Սուրբ յոյսով կենսաւէտ մեր սրտերն խնդուն,
Կ’ապրինք կեանքով յաւէտ Քրիստոսի արեամբ:
Քեզմէ Ի Զատ
Խօսք. Հայկ Ե, Եարտըմեան
Երժշ. Ս, Գ, Էօմիւրեան
Գործ. Ալբերտ Բուլբուլյան
Շրջեցայ Տէր իմ Աստուած ծով ու ցամաք
Փորձեցի լեռ ձոր ու դաշտ, ահ շարունակ
Դիտեցի լուսինն ,արեւ, աստղերն իսփիուռ
Սարսեցայ կոհակներու կոծումէն բիւր:
Կրկ.
Չգտայ ով Տէր Յիսուս,
Քեզմէ ի զատ խօսող հոգւոյս
Քեզմէ ի զատ, քեզմէ ի զատ
Չգտայ խօսող հոգւոյս:
Հայր եւ մայր որդի եղբայր, քոյր թանկագին,
Ազգական, մարդ մտերիմ, կամ այր ու կին,
Ոչ երբեք մօտ են ինծի, Տէր Քեզ նման,
Ոչ երբեք հոգիս հոգւով սիրել կրնան
Կրկ.
Չգտայ ով Տէր Յիսուս,
Քեզմէ ի զատ սիրող հոգւոյս
Քեզմէ ի զատ, քեզմէ ի զատ
Չգտայ սիրող հոգւոյս:
Երբ կ’ըզգամ թերութիւններս բազմատեսակ
Երբ յիշեմ մեղքերս ահեղ ու անառակ
Խղճահար ու բեռնաւոր կը թափառիմ
Կը գոչեմ սրտաճմլիկ “որո՞ւ փարիմ”
Կրկ.
Չգտայ ով Տէր Յիսուս,
Քեզմէ ի զատ փրկիչ հոգւոյս
Քեզմէ ի զատ, քեզմէ ի զատ
Չգտայ փրկիչ հոգւոյս:
Ով Իմ Աստուածս
Խօսք. Վեր. Յակոբ Ճամպազեան
Երժշ. Վեր. Յակոբ Ճամպազեան
Գործ. Ալբերտ Բուլբուլյան
Ով իմ Աստուածս Քեզի սաղմոս պիտի երգեմ
Պիտի երգեմ քնարով
Քեզի սաղմոս երգած ատենս
Պիտի ցնծան շրթունքներս x3
Եւ իմ հոգիս զոր Դուն փրկեցիր։ x2
Ըսէ'ք որո՞ւ երթամ
Խօսք. Վեր. Յակոբ Ճամպազեան
Երժշ. Վեր. Յակոբ Ճամպազեան
Գործ. Վահան Օհանյան
Ըսէք որո՞ւ երթամ, երբ հոգիս տրտում է
Ըսէք որո՞ւ երթամ, երբ սիրտս կոտրած է:
Սփոփավայր ու՞ր կրնամ ես, գտնել այս խեղճ կեանքիս համար,
Ուրախութիւն գտնել ինչպէ՞ս, երբ մութ, անգութ է աշխարհ:
Կրկ.
Յիսուս կրնայ միայն, արեամբն իր պատուական,
Բուժել, ներել համայն, մեղքերդ ադամական:
Գնա' հաւատալով, գնա' վստահելով,
Կ'ընդունի քեզ այսօր, եւ կ'ընէ կեանքդ նոր:
Որո՞ւ դիմեմ արդեօք, երբ մեղքս զիս կ'ընկճէ,
Որո՞ւ դիմեմ արդեօք, երբ խիղճս կը տանջէ:
Ո՞վ պիտի տայ ինձ թողութիւն, արդարութիւն եւ սրբութիւն,
Ո՞վ պիտ' փշրէ մեղաց կապերս, եւ ազատէ մեծ ոսոխէս:
Ըսէք որո՞ւ երթամ, երբ վիշտեր զիս պատեն,
Ըսէք որո՞ւ երթամ, երբ փուշեր զիս խոցեն:
Ո՞վ պիտ' լսէ սրտիս զարկը, ո՞վ պիտ' զգայ հոգւոյս ցաւը,
Ո՞վ պիտ' ըլլայ ինծի ընկեր, ժպիտ, արեւ, լոյս եւ սէր:
Փառք Ըլլլայ Աստուծոյ
Խօսք. Fanny J. Crosby
Երժշ. W. H. Doane
Գործ. Ալբերտ Բուլբուլյան
Փառք ըլլայ Աստուծոյ վասն Իր մեծ գործին
Այնչափ սիրեց աշխարհ տուաւ Իր Որդին
Դրաւ նա Իր կեանքն ի քաւութիւն մեղաց
Իրմով մարդոց համար կեանքի դուռն է բաց:
Կրկ.
Փառք Տէրոջ, փառք Տէրոջ, աշխարհ լըսէ Իր ձայն
Փառք Տէրոջ, փառք Տէրոջ, մարդիկ ուրախանան
Եկէք Աստուծոյ միջոցովն Որդիին,
Եւ փառք տուէք Իրեն վասն Իր մեծ գործին
Կատարեալ փրկութիւն արիւնով գնուած
Ամէն հաւատացողին շնորհէ Աստուած
Ամենէն անարգն իսկ երբոր հաաւտայ
Վայրկենական ներում Տէրն անոր կուտայ:
Տէրն մեծ բաներ ըրաւ նաեւ սորվեցուց
Յիսուսով մեր բոլոր մեղքերը վերցուց
Պիտի աւելի զարմանանք, զմայլինք
Յափշտակուելով օր մը երբ վերն տեսնենք զԻնք: